Փրակայի փաստաթուղթը լուծում է Ղարաբաղեան Հիմնախնդրին համար. Լաւրով

2022-12-02
Image

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովն այսօր՝ 1 դեկեմբերին կայացած մամուլի ասուլիսին ըսած է, որ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) ստեղծման մասին Ալմա-Աթայի հռչակագիրի ստորագրման պահուն «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը միանշանակ եղած է ատրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան (ԽՍՀ) կազմէն ներս:

Ինչպէս կը յայտնէ Ինթերֆաքս-Ատրպէյճանը, Սերգէյ Լաւրովն ըսած է.

«Երբ անոնք՝ Ատրպէյճանի նախագահն ու Հայաստանի վարչապետը, ժամանեցին Սոչի, անոնք Փրակէն բերած էին այն փաստաթուղթը, ուր կ'ըսէր, որ կը ցանկան խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել՝ առաջնորդուելով ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեամբ եւ Ալմա-Աթայի հռչակագիրով։

ԱՊՀ ստեղծման մասին Ալմա-Աթայի հռչակագիրին մէջ յստակ կ'ըսուի, որ նոր պետութիւններու միջեւ սահմանները պիտի հիմնուին նախկին ԽՍՀՄ միութենական հանրապետութիւններու վարչական սահմաններու հիման վրայ, իսկ այն ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը միանշնակօրէն ատրպէյճանական ԽՍՀ-ի մաս կը հանդիսանար։ Այդ հաստատուած էր Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ պարոն Միշելի կողմէն՝ առանց որեւէ վերապահումներու, եւ այդ կը լուծէ այն հարցը, թէ ինչպէս մօտենալ Ղարաբաղի կարգավիճակին»,- ըսած է Լաւրովը։

«Ուստի, երբ այս պայմանաւորուածութիւնը ստորագրելէն յետոյ մեր հայ գործընկերները մեզի կ'ըսեն. «Թող Ռուսիան հաստատէ իր առաջարկները Ղարաբաղի կարգավիճակի վերաբերեալ», դուք ինքնին ալ կը հասկնաք, որ այդ ոչ թէ բանակցութիւններ վարելու, այլ բոլորովին այլ օփերայէ է»,- ըսած է ռուսաստանցի նախարարը։

«Հայաստանի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին կը խօսի ոչ թէ կարգավիճակի, այլ Ղարաբաղի մէջ հայ բնակչութեան իրաւունքներու ապահովման անհրաժեշտութեան մասին։ Ատրպէյճանական կողմը պատրաստ է քննարկել այդ եւ տրամադրել այն իրաւունքները, որոնք ունին Ատրպէյճանի միւս բնակիչները»,- աւելցուցած է Լաւրովը։