Քոնկրէսականը Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած է պատասխանատւութեան ենթարկելու Ատրպէյճանը հայերու դէմ շարունակուող թշնամանքին համար

ԱՄՆ Ռոտ Այլընտ նահանգը ներկայացնող դեմոկրատ քոնկրէսական Ճիմ Լանկեւինը դատապարտած է Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ հայերու դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած ջարդերը՝ կոչ ընելով Պայտընի վարչակազմին պատասխանատւութեան ենթարկելու Ալիեւը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շարունակուող թշնամանքի համար: Քոնկրէսականի յայտարարութիւնը կը ներկայացնէ Ամերիկայի «Հայ դատի» յանձնախումբը:
«Տիկին խօսնակ, կը կանգնիմ՝ սգալու եւ ոգեկոչելու 1988 թուականի 27-29 փետրուարին Սումկայիթի, 1988-ի 21-27 նոյեմբերին Կիրովապատի եւ 1990ի 13-19 յունուարին Պաքուի մէջ հայերու դէմ իրականացուած ջարդերու զոհերու յիշատակը:
Այդ իրադարձութիւններու ժամանակ յարձակողները խոշտանգած եւ սպաննած են հարիւրաւոր հայ բնակիչներ: Կը դատապարտեմ այդ կոտորածները եւ Ատրպէյճանի կողմէ հայ քաղաքացիներու եւ անոնց մշակոյթի դէմ հետագայ յարձակումը:
33 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած յարձակումներու տարելիցի նախաշեմին՝ չմոռնալով նաեւ անցեալ աշնանն Արցախի մէջ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման մասին, կոչ կ'ընեմ ԱՄՆ-ին առաջատար դիրք գրաւելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ: Ատրպէյճանը չափազանց երկար ժամանակ է անմեղ մարդոց արիւն կը թափէ, իսկ անոր գործողութիւնները միջազգային կարգի բացայայտ խախտում են:
Կոչ կ'ընեմ Պայտընի վարչակազմին նախորդ վարչակազմերէն տարբերող մօտեցում դրսեւորել, երբ հարցը վերաբերի մեղաւորները պատասխանատւութեան կանչելուն: ԱՄՆ-ն պէտք է ամէն ինչէ վեր դասէ մարդու իրաւունքները»,- ըսած է քոնկրէսականը: