ՔՊ-ի ԱԺ նախագահի թեկնածուն Ալեն Սիմոնեանն է. յայտնի են նաեւ տեղակալներու թեկնածուներիու անունները. «Արմէնփրես»

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածուն Ալեն Սիմոնեանն է, իսկ ԱԺ նախագահի տեղակալներու թեկնածուները՝ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Յակոբ Արշակեանը: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին տեղեկացուցած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Հրաչեայ Յակոբեանը:
Յիշեցնենք, որ 10 Յուլիսին կայացած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան եւ ընտրական ցուցակին մէջ ընդգրկուած թեկնածուներու ընդլայնուած նիստը: Կուսակցութեան վարչութիւնը պատգամաւորութեան թեկնածուներու հետ քննարկումներու աւարտին ձեռք բերուած համաձայնութեամբ առաջարկած էր խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնին առաջադրել Հայկ Կոնջորեանի, իսկ խմբակցութեան քարտուղարի պաշտօնին՝ Նազելի Պաղտասարեանի թեկնածութիւնը։