Օրէնքի առաջ բոլորի հաւասարութիւնը միայն վերնագիր պիտի չըլլայ. Փաշինեան ՀՀ ԱԻՆ աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարարը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ նախարար Արմէն Փամբուխչեանը:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութենէն:
Վարչապետը յաջողութիւններ մաղթած է պարոն Փամբուխչեանին կարեւոր աշխատանքին եւ յոյս յայտնած է, որ անոր պաշտօնավարման շնորհիւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան արդիւնաւէտութեան աստիճանը պիտի բարձրանայ:
Հայաստանի մէջ ի վերջոյ օրէնքի գերակայութիւնը միայն վերնագիր պիտի չըլլայ, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Օրէնքի առաջ բոլորի հաւասարութիւնը միայն վերնագիր պիտի չլինի, եւ ի վերջոյ այդպէս է եւ այդպէս էր նաեւ այս իրադարձութիւններից առաջ: Յոյս ունեմ, որ բոլորս այս ուղերձը շատ յստակ եւ ուղիղ ենք ընկալում», ըսած է վարչապետը:
Արմէն Փամբուխչեանը նախագահին հրամանագրով նշանակուած է արտակարգ իրավիճակներու նախարար: Նախկին նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանը, որ կը մեղադրուի փտած գործարքներու մասնակցելու մէջ եւ Մարտ 31-էն կալանաւորուած է, պաշտօնէն ազատուած է Ապրիլ 1-ին:
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ չափազանց կը ցաւի իրադարձութիւններու նման զարգացման համար, յիշեցուցած է անմեղութեան կանխավարկածի մասին, յորդորած է այս կանխավարկածով ալ առաջնորդուիլ:
Անդրանիկ Փիլոյեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարն էր 2020-ի Նոյեմբերէն, երբ 2018-էն այս պաշտօնը զբաղեցնող Ֆելիքս Ցոլակեանը հրաժարական ներկայացուց: Պատերազմի թէժ օրերուն Փաշինեանը յայտնած էր, որ Փիլոյեանը կ’արժանանայ «Ազգային Հերոս»ի կոչման: Երկու օր անց ան նախագահին հրամանագրով պարգեւատրուած էր «Ազգային Հերոս»ի կոչումով: