Ֆրանսայի ԱԳՆ-ը յայտարարած է, որ չի ճանչնար ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը

2020-11-27
Image

Փարիզը չի ճանչնար ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«25 Նոյեմբերին Սենատը բանաձեւ ընդունեց, որով կոչ եղաւ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն ճանչնալու ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Քուէարկութեան նախորդող բանավէճի ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լեմուանը յիշեցուց Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը այս հարցով, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: «Ֆրանսան չի ճանչնար ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը»: