Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, պիտի քննարկէ Լաչինի իրավիճակը

2023-04-25
Image

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնան պիտի այցելէ Հայաստան, հաղորդած է Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն։

Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի այցը տարածաշրջանային է, ապրիլ 26-28-ը Քաթրին Քոլոնան պիտի ըլլայ Ատրպէյճ, Հայաստան եւ Վրաստան։

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը պիտի հանդիպի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Քոլոնան պիտի այցելէ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան՝ Ջերմուկ քաղաքի մէջ գտնուող կեդրոնակայան։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ այցը պիտի վերահաստատէ Ֆրանսայի յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն՝ յանուն արդար եւ տեւական խաղաղութեան։