2021-ի ընթացքին Արցախի մէջ ծնած է 1463 երեխայ

2021 թուականի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ ծնած է 1463 փոքրիկ, 734՝ տղայ, 729՝ աղջիկ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ առողջապահութեան նախարարութենէն:
Ծնունդներուն 22-ը եղած են երկուորեակներ։
Կը նշուի, որ արտամարմնային բեղմնաւորման ճանապարհով ծնած է 3 տղայ։ ՀՀ բուժհաստատութիւններուն մէջ ծնած է 78 փոքրիկ: Այսպիսով՝ ԱՀ-ի մէջ 2021 թուականի ընդհանուր ծնելիութիւնը կազմած է 1541 փոքրիկ, որուն 779 տղայ, 762 աղջիկ: