2022-ին աւելի քան 25 հազար մարդ դիմած է ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար

2022 թուականին աւելի քան 25 հազար մարդ դիմած է ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար, որ անկախ Հայաստանի պատմութեան ամենաբարձր ցուցանիշն է։ Այս մասին, 13 փետրուարին, լրագրողներու հետ հանդիպման ըսած է Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեանը։
Ալեքսանեանի խօսքով՝ քաղաքացիութիւն ստանալու ցուցանիշները տարուէ տարի կ'աճին։ 2021 եւ 2022 թուականին քաղաքացիութիւն ստանալու համար ամենաշատը դիմած են Ռուսիոյ Դաշնութենէն։ Իսկ մինչեւ այդ, տարիներ շարունակ առաջին հորիզոնականին Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներն էին։
Ըստ Ալեքսանեանի՝ քաղաքացիութիւն ստանալը հայրենադարձման գործընթացին մէջ ամենակարեւոր քայլն է։
«Հայրենադարձութիւն ասուածը չի ենթադրում միայն հայրենիք վերադարձը, որովհետեւ իրենք այստեղ ունենում են բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց լուծումն ու հասարակութեան մէջ ինտեգրումը շատ կարեւոր է հայրենադարձի համար։ Այդ խնդիրները շատ լայն են, պէտք չէ դիտարկել միայն քաղաքացիութեան ձեռքբերումը, կեցութեան կարգավիճակ ունենալու հարցը, այլ նաեւ աշխատանք գտնելու, երեխաներին մանկապարտէզներում կամ դպրոցներում տեղաւորելու խնդիրները։ Հաշուի առնելով մեր սեղմ միջոցները՝ այս տարուայ գրանցուած ցուցանիշը բաւականին լաւ է»,-ըսած է Ալեքսանեանը։