25 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ ամենամեայ 24-րդ Հեռուստամարաթօնը
25 Նոյեմբերին, տեղական ժամանակով 18:50-ին Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով պիտի մեկնարկի 24-րդ Հեռուստամարաթօնը՝ «Կենսունակ սահմանային համայնքներ» խորագրի ներքոյ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու, այս տարի Հեռուստամարաթօնը պիտի կայանայ նոր ձեւաչափով՝ հաշուետու ֆիլմի տեսքով, որու ընթացքին Հիմնադրամի խումբը պիտի ներկայացնէ 2020-21 թուականներուն իրականացուած լայնածաւալ ծրագրերը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
2020 թուականը համայն հայութեան համար լի էր բազում մարտահրաւէրներով ու վայրիվերումներով՝ Քորոնա ժահրային համավարակ, տաւուշեան մարտեր, Պէյրութի պայթում եւ վերջապէս 44-օրեայ ծանր պատերազմ։ Այդ առումով տարին նաեւ բացառիկ ու աննախադէպ էր հայ ժողովուրդի միասնականութեան առումով:
Իր աշխարհասփիւռ գործընկերներու եւ նուիրատուներու ջանքերու շնորհիւ է, որ Հիմնադրամը տարիներ շարունակ կը կարողանայ իրականացնել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող լայնածաւալ ծրագրեր ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի մէջ:
Հեռուստամարաթօնն ուղիղ հեռարձակմամբ պիտի ցուցադրուի նաեւ Հանրային հեռուստաընկերութեան կայքէջէն՝ www.H1TV.am, իսկ աւելի ուշ պիտի հեռարձակուի նաեւ արբանեակային կապով: Նոյեմբեր 25-էն ետք այն հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ Հիմնադրամի կայքէջին վրայ՝ www.himnadram.org:
Հաւատարիմ մնալով աւանդոյթներուն՝ 24-րդ Հեռուստամարաթօնը պիտի կայանայ նաեւ Լոս Անճելոսի մէջ, տեղական ժամանակով 16:00-ին: