44-օրեայ պատերազմին հայկական կողմը ունեցած է 3822 զոհ, 208 մարդ` անհետ կորսուած

ՀՀ Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութեան մէջ կը շարունակուի Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Արցախի դէմ պատերազմ սանձազերծելու եւ վարելու, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին նախապէս հաւաքագրուած վարձկաններ օգտագործելու, պատերազմ վարելու արգելուած մեթոտներ եւ միջոցներ կիրառելու, քաղաքացիական բնակիչները զինուորներէն չտարբերակելու եւ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերի քաղաքացիական բնակչութիւնը համակարգուած, կանխամտածուած եւ նպատակաուղղուած գրոհներու թիրախ դարձնելու, մասնաւորապէս` խոր թիկունքին գտնուող քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ քաղաքացիական կառոյցները ոչ-ընտրովի յարձակման թիրախներ դարձնելու եւ հրետակոծելու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոններու լուրջ խախտումներ համարուող արարքներ կատարելու փաստերու առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:
Քրէական գործի շրջանակներուն մէջ պարզուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի մէջ զոհուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու ընդհանուր թուաքանակը կը կազմէ 3822 անձ: 21 Մարտ 2022-ի դրութեամբ անյայտ է 187 զինուորի եւ 21 քաղաքացիական անձի գտնուելու վայրը:
Մինչեւ օրս Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութիւն յանձնուած է գերեվարուած ընդհանուր թիւով 150 զինուոր եւ քաղաքացիական անձ:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: