44-օրեայ պատերազմի գործերով 300-է աւելի ահաբեկիչներ նոյնականացուած են. ՀՀ ՔԿ նախագահ

Քննչական կոմիտէն 12 ահաբեկչական խմբաւորումներու 4000–է աւելի անդամներու՝ 44-օրեայ պատերազմին մասնակցութեան վերաբերեալ փաստական տուեալներ ձեռք բերած է, որոնցմէ շուրջ 300-ը նոյնականացած են։ Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը՝ նշելով, որ անոնց մեծ մասի նկատմամբ քրէական հետապնդում կ'իրականացուի։
«Այն անձանց վերաբերեալ, ում արարքները հիմնաւորւում են, միջազգային հետախուզում է յայտարարւում այն տրամաբանութեամբ, որ հնարաւորութեան դէպքում նրանք Հայաստանում կամ այլ երկրում կը կանգնեն դատարանի առջեւ»,– նշած է Քննչական Կոմիտէի նախագահը։
Արգիշտի Քեարամեանը տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ առերեւոյթ յանցագործութիւններ կատարելու դէպքերով քրէական գործեր կան յարուցուած։ Ատոնք, Քննչական Կոմիտէի նախագահի խօսքով, կ'առնչուին ինչպէս 44-օրեայ պատերազմին, այնպէս ալ 2021 թ. մայիսի, նոյեմբերի ներխուժումներուն, 2022թ. սեպտեմբերեան դէպքին, Խծաբերդ-Հին թաղեր ուղղութեամբ տեղի ունեցածին։
«Հիմնաւորուել են Ադրբեջանի ռազմաքաղաքկան ղեկավարութեան կողմից կատարուած բազմաթիւ յանցագործութիւններ՝ ինչպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած, այնպէս էլ ագրեսիւ պատերազմ վարելու, չթոյլատրուած զինատեսակներ կիրառելու, գերիներին խոշտանգելու, գերեվարուած անձանց սպանելու, դիակների նկատմամբ անարգանք դրսեւորելու վերաբերեալ»,– նշած է Քննչական Կոմիտէի նախագահը։