Հրաժեշտի ձեռնարկ

2022-12-02
Image

Հարաւային Լիբանանի մէջ գործող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերու՝ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի շարքերուն մէջ ծառայող հայկական գունդի ծառայութեան  ժամանակաշրջանի աւարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կազմակերպեց ողջերթի ձեռնարկ մը: Ձեռնարկը նուիրուած էր հայկական գունդի անդամներուն, որոնք ծառայեցին Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանումին համար:

Ներկայ էին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները եւ հայ երեք քաղաքական կուսակցութիւններու ատենապետները: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան եւ Վաչէ Տօներեան ներկայացուցին կուսակցութիւնը այդ ձեռնարկին: Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ բոլոր ներկայացուցիչները իրենց սիրտի խօսքը արտասանեցին եւ ողջերթ մաղթեցին հայ զինուորականներուն:

1

Հայկական բանակի գունդերը, որոնք կը ծառայեն Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայ ժողովուրդի դրական դէմքն են եւ կը բարձրացնեն հայու վարկն ու պատիւը աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու առջեւ: Փառք ու պատիւ հայ զինուորին, որ այդ սրբազան առաքելութիւնը կը կատարէ:

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Լիբանանի Տեղեկատուական Գրասենեակ