Արսէն Յարութիւնեանը հռչակուեցաւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան
Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ աւարտին մօտեցող Եւրոպայի առաջնութեան, ազատ ոճի ըմբիշ, 61 քկ քաշային Արսէն Յարութիւնեանը եզրափակչին 15:3 հաշուով փայլուն յաղթանակ տարած է Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Սուլէյման Աթլըի նկատմամբ եւ դարձած ոսկեայ մետալակիր:
Արսէն Յարութիւնեանը երկրորդ անգամ նուաճած է Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը:
Աւելի ուշ պրոնզէ մետալի համար պայքարին մէջ Հրայր Ալիխանեանը (74 քկ) պիտի մրցի վրացի Կիորկի Սուլավայի հետ: