Արսէն Յարութիւնեանը փայլուն յաղթանակ տարած է եւ նուաճած է Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր

2021-03-19
Image

Պուտապեշտի մէջ շարունակուող ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարին  57 քկ քաշայիններու կիսաեզրափակիչին Արսէն Յարութիւնեանը փայլուն յաղթանակ տարած է: Ան 10-0 հաշուով առաւելութեան հասած է ուքրանացի Անտրէյ Եացենքոյի նկատմամբ:

Յիշեցնենք, որ 1/4 եզրափակիչին Արսէնը 10-5 հաշուով պարտութեան մատնած էր վրացի Պեքա Պուճիաշվիլիին, իսկ որակաւորման փուլին 10-2 հաշուով յաղթած էր պելառուս ըմբիշ Վլատիսլավ Անտրէեւին:

Այսպիսով` Արսէնը նուաճած է Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր եւ դուրս եկած է եզրափակիչ, ուր այսօր պիտի մրցի պուլկարացի Կէորկի Վանկելովի հետ: