Գիւմրեցի Դաւիթ Չալոյեան հանդիսացաւ բռնցքամարտի Աշխարհի փոխախոյեան

2021-11-10
Image

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականին անդամ Դաւիթ Չալոյեան երէկ հանդիսացաւ կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ախոյեանութեան 92 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, 24 տարեկան Չալոյեան, որ մրցեցաւ ռուս Մարք Փեթրովսքիի դէմ (22 տարեկան), իրաւարարներուն որոշումով կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:

Հայ կռփամարտիկը, որ առաջին իսկ ռաունտին յօնքի վնասուածք ստացաւ, այդպէս ալ արիւնոտ վիճակով շարունակեց իր մենամարտը` մինչեւ աւարտ:

Նշենք, որ Չալոյեանէն առաջ Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահոված էր ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Բաչքով: