Գոռ Սահակեանը՝ ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան
Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստան նուաճեց առաջին ոսկի մետալը:
Երկամարտին ընթացքին 19ամեայ Գոռ Սահակեան արձանագրեց 320 քիլոկրամ արդիւնք՝ դառնալով Եւրոպայի ախոյեան:
67 քիլոկրամի կարգի պոկում վարժութեան ան բարձրացուց 140 քիլոկրամ, ապա՝ 145 քկ, եւ 4 քիլոկրամով շրջանցեց թուրք մրցակիցը: Երրորդ մօտեցամն 147 քկ-ը ձախողեցաւ: Այս վարժութեան ան նուաճեց փոքր ոսկեայ մետալ:
Հրում վարժութեան մէջ Սահակեան բարձրացուց 170 եւ 175 քկ.: Այս վարժութեան մէջ ալ երիտասարդ ծանրորդը նուաճեց փոքր ոսկեայ մետալ: Եւրոպայի նորընծայ ախոյեանը 15 քիլոկրամով շրջանցեց իր մրցակիցները:
Եւրոպայի արծաթեայ մետալակիր դարձաւ Սպանիան ներկայացնող Խուան Աքարան Մենտոսան երկամարտի 305 քկ արդի