Ըմբշամարտիկ Արսէն Յարութիւնեանը աշխարհի ախոյեան
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեանը դարձաւ Մ23 տարեկաններու աշխարհի առաջնութեան ախոյեան:
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան 61 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին Յարութիւնեան մրցեցաւ եւ 11:7 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ ռուսաստանցի Արթուր Չեպորտաեւի նկատմամբ:
Նախօրէին Հայաստանի հաւաքականէն Վազգէն Թեւանեանը դարձած էր Մ23 տարեկաններու աշխարհի առաջնութեան արծաթէ, իսկ Մանուէլ Խնձրցեան եւ Արման Աւագեան նուաճած էին պրոնզէ մետալ: