Մալխաս Ամոյեանը՝ Աշխարհի ախոյեան

2021-10-08
Image

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Մալխաս Ամոյեան դարձաւ աշխարհի առաջնութեան ախոյեան: 

Նորուեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան 72 քկ քաշային կարգի ոսկէ մետալի համար գօտեմարտին Մալխաս Ամոյեան մրցեցաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Սերգէյ Գուդուզովի հետ: Հայաստանցի ըմբիշը յաղթեց 3:1 հաշուով:

Նախապէս, ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի կազմէն աշխարհի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած էր 61 քկ քաշային Արսէն Յարութիւնեան: