Մոնտիալ 2022. Արժանթինի ազգային հաւաքականը աշխարհի ախոյեան
18 Դեկտեմբերին, Քաթարի «Լուսէյլ» մարզադաշտին վրայ կայացաւ Աշխարհի 2022 թուականի առաջնութեան եզրափակիչը, որուն իրարու դէմ մրցեցան աշխարհի գործող ախոյեանը` Ֆրանսա եւ Արժանթին:
Արժանթինի ազգային հաւաքականը յետխաղեայ 11-մեթրանոց հարուածաշարին յաղթեց Ֆրանսայի ընտրանիին եւ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան: Հանդիպման հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 2:2 հաշուով, 1-ական գնդակ ալ խումբերը փոխանակեցին լրացուցիչ ժամանակին:
Արժանթինի հաւաքականը պատմութեան մէջ երրորդ անգամ դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Այսպիսի յաջողութեան արժանթինացիները հասած էին նաեւ 1978 եւ 1986 թուականներուն: