Շանթ Խաչատրեանը` Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր

2021-07-05
Image

67 քկ քաշային յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Շանթ Խաչատրեանը դարձած է Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր։ Կը հաղորդէ Armsport.am-ը։

Պրոնզէ մետալի համար պայքարին Շանթ Խաչատրեանը 10-1 հաշուով յաղթած է Լիթվայի ներկայացուցիչին։

Խաչատրեանը մեկնարկային երկու գեղեցիկ յաղթանակ տանելէ ետք, քառորդ եզրափակիչին ցաւալի պարտութիւն կրած էր Թուրքիոյ ներկայացուցիչէն՝ 5-5 աւարտելով գօտեմարտը։ Այնուհետեւ, հայ ըմբիշը 32 վայրկեանուան մէջ յաղթած էր սփոփիչ գօտեմարտին մէջ եւ իրաւունք վաստակած գօտեմարտելու պրոնզէ մետալի համար։