ԱՄՆ առնչութիւն չունի Իրանի դեմ հարուածներու հետ. Փենթակոն

2023-01-30
Image

Միացեալ Նահանգներու զինուժը ներգրաւուած չէ եղած Իրանի դէմ հարուածներուն։ Ինչպէս հաղորդած է Reuters-ը, Փենթակոնի խօսնակ Փաթրիք Ռայտըր նման յայտարարութիւն ըրած է իրանեան Սպահանի մէջ ռազմական գործարանի վրայ անօդաչու թռչող սարքի յարձակման լոյսի ներքոյ։

Reuters-ի հաղորդմամբ՝ Ռայտըր հրաժարած է այլ մեկնաբանութիւններէ։

Եւս քանի մը ամերիկացի պաշտօնեաներ, որոնց անունները չեն նշուած, գործակալութեան յայտնած են, որ Ուաշինկթըն առնչութիւն չունի Սպահանի մէջ տեղի ունեցածին հետ։

Նշենք, որ Կիրակի IRNA գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ զօրաւոր պայթում որոտացած է Իրանի կեդրոնական մասին մէջ գտնուող Սպահան քաղաքին մէջ։ Աւելի ուշ հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ շաբաթ օր՝ 28 յունուարին, անօդաչու սարքերու միջոցով անյաջող յարձակում իրականացուած է գերատեսչութեան կեդրոններէն մէկու վրայ։ Սարքերէն մէկը խոցուած է, միւս երկուքը ինկած են պաշտպանական թակարդներուն մէջ ու պայթած։ Տուժածներ չկան, պատճառուած է նիւթական փոքր վնաս։ Յայտարարութեան մէջ չէ նշուած, թէ, Թեհրանի կարծիքով, ով ներգրաւուած եղած է յարձակման մէջ:

The Wall Street Journal-ը, վկայակոչելով ԱՄՆ պաշտօնեաները եւ այլ քաջատեղեակ աղբիւրներ, կիրակի գրած է, որ Իսրայէլը կանգնած է Սպահանի մէջ եղած պայթումի ետին: