Զելենսքին Փութինին առաջարկած է հանդիպում ունենալ Տոնպասի մէջ

2021-04-21
Image

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Վլատիմիր Փութինին առաջարկած է հանդիպում ունենալ Տոնպասի մէջ։

«Պարոն Փութին, ես պատրաստ եմ առաջարկելու Ձեզի հանդիպիլ Տոնպասի ցանկացած կէտի մէջ, ուր պատերազմ կ'ընթանայ», – ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:

Ընդ որում, աւելի վաղ ան յայտարարած էր, որ Քիեւը կը սատարէ միջազգային գործընկերներուն, որոնք աւելի խիստ պատժամիջոցներ կը պատրաստեն Մոսկուայի դէմ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ տիրող իրավիճակի պատճառով: