Թուրքիան կը փորձէ աշխարհը վերադարձնել միջնադար․ Զատուլին

2020-07-07
Image

Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակը թանգարանէն մզկիթի փոխելը թրքական իշխանութիւններու կողմէ աշխարհը միջնադար վերադարձնելու փորձ է, այսպէս արտայայտուած է Պետտումայի ԱՊՀ հարցերով յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնստանթին Զատուլինը, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

Թուրքիոյ Գերագոյն վարչական դատարանը` Պետական խորհուրդը, հինգշաբթի օր քննած է Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակը փոխելու եւ այն մզկիթի վերածելու հարցը: Ան կը կարծէ, որ տաճարի կարգավիճակը փոխելու համար նախագահի հրամանագիրը բաւարար է: Որոշումը պիտի հրապարակուի 15 օրուան ընթացքին: Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուի խօսքերով՝ իր երկիրը իրաւունք ունի փոխելու տաճարի կարգավիճակը՝ վերածելով այն մզկիթի, առանց հաշուի առնելու այլ պետութիւններու կարծիքները:

«Այսպիսով, ակնյայտ է որոշ հաւատացեալներու (իսլամներու) ոգին ուրիշներու (քրիստոնեաներու) նկատմամբ աւելի վեր դասելու, կրկին հազարամեայ բիւզանդական քաղաքակրթութեան ջարդերու սարսափը յիշեցնելու անհարկի փորձը, որուն ճարտարապետական գլուխգործոցը այնուհետեւ հարիւրամեակներ շարունակ օգտագործուած է որպէս զայն ստեղծողներու նկատմամբ յաղթանակի ապացոյց: Քեմալ Աթաթուրքի Թուրքիան, որուն Խորհրդային Ռուսաստանը օգնած է դիմանալ եւ ոտքի կանգնիլ, հնարաւոր համարած է շրջել անցեալի արիւնոտ էջը, համենայն դէպս՝ Սուրբ Սոֆիայի հանդէպ: Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ այսօրուայ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ'ուզեն մեզ վերադարձնել միջին դարեր»,- ըսած է պատգամաւորը:

Խորհրդարանականը ընդգծած է, որ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը նոյնիսկ թանգարանային կարգավիճակի մէջ կը շարունակէ մնալ ուղղափառ աշխարհի ամենամեծ սրբութիւնը, որ յատկապէս թանկ է Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, Պելառուսի եւ ԱՊՀ այլ երկիրներու ուղղափառ քրիստոնեաներու համար, քանի որ այստեղ մկրտուած է իշխանուհի Օլկան, այստեղ իշխան Վլատիմիրի դեսպանները տեսած են «Երկինքը Երկրի վրայ»՝ համոզելով անոր այնուհետեւ ընդունիլ ուղղափառութիւն։