Թուրքիան չեղարկած է Շուէտի եւ Ֆինլանտայի հետ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու խորհրդակցութիւնները

2023-01-25

Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Փեքա Հաավիսթոն յայտնած է, որ Ֆինլանտան եւ Շուէտը կը փորձեն նոր հանդիպում կազմակերպել Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հեռանկարներն ու խնդիրները: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։

Աւելի վաղ թրքական Sabah թերթը գրած էր, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին անդամակցելու յայտով Թուրքիոյ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի եռակողմ բանակցութիւնները անորոշ ժամանակով յետաձգուած են Անգարայի պահանջով:

«Ֆինլանտան, Շուէտն ու Թուրքիան կը փորձեն նոր եռակողմ հանդիպում կազմակերպել, ուր գնահատական կը տրուի իրավիճակին», - յայտարարած է Հաավիսթոն:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, խօսելով անցած շաբաթ օր Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած ցոյցի ժամանակ Ղուրանի այրման մասին, ըսած է, որ Անգարան չի պաշտպաներ Շուէտիոյ՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու դիմումը։

«Շուէտիոյ մէջ կատարուած զազրելի արարքը վիրաւորանք է բոլորի համար, որոնք կը յարգեն մարդու հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ներառեալ իսլամներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները»,- Էրտողանի խօսքերը մէջբերած է «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Եթէ Շուէտը չյարգէ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ իսլամներու կրօնական զգացումները, ապա ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հարցով «մեզմէ ոչ մէկ աջակցութիւն կը ստանայ», ընդգծած է ան: