Հարուածները պիտի ըլլան կայծակնային. Փութին Ուքրանիոյ հարցով նախազգուշացուցած է Արեւմուտքը

2022-04-28
Image

Եթէ մէկը կը փափաքի դուրսէն միջամտել Ուքրանիոյ իրավիճակին եւ ստեղծել ռազմավարական սպառնալիք, ապա հարուածները պիտի ըլլան կայծակնային, յայտնած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը Օրէնսդիրներու խորհուրդի նիստին: 

«Այս հարցին վերաբերեալ բոլոր որոշումները կայացուած են», ըսած է Փութին եւ ընդգծած, որ երկիրը ունի անոր համար բոլոր գործիքները, որոնցով այժմ ոչ ոք կրնայ պարծենալ:

«Բայց մենք չենք պարծենար, անհրաժեշտութեան պարագային պիտի օգտագործենք զանոնք: Եւ ես կ'ուզեմ, որ բոլորը իմանան այդ մասին», ըսած է Ռուսաստանի նախագահը:

Բացի այդ, Ռուսաստանի ղեկավարը վստահեցուցած է, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութեան բոլոր խնդիրները անվերապահօրէն կը կատարուին` պատմական հեռանկարի մէջ Ռուսաստանի եւ Տոնպասի ժողովուրդին խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն երաշխաւորելու համար: