Մենք թոյլ չենք տար մեր տան մէջ գունաւոր յեղափոխութիւններու սենարներ իրականացնել. Փութին

ՀԱՊԿ խաղաղապահ զօրախումբը սահմանափակ ժամկէտով պիտի մնայ Ղազախստանի մէջ, իր գործառոյթները կատարելէն յետոյ դուրս պիտի բերուի հանրապետութենէն։ Այս մասին ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին ըսած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։
«ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժերու զօրախումբ ուղարկուած է Ղազախստան, եւ ես կ'ուզեմ այդ ընդգծել՝ սահմանափակ ժամկէտով՝ այնքան ժամանակ, որքան Ղազախստանի նախագահը, պետութեան ղեկավարը, Ղազախստանի ղեկավարը հնարաւոր համարէ անոր կիրառման համար», ըսած է Փութին։ «Իր գործառոյթները կատարելէ ետք, ի հարկէ, ամբողջ զօրախումբը դուրս պիտի բերուի Ղազախստանի տարածքէն», յաւելած է ՌԴ ղեկավարը։
Փութինը Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ խաղաղապահ գործողութիւնը չափազանց ժամանակին եւ օրինական անուանած է։ Ղազախստանի պարագային ՀԱՊԿ-ը գործնականին մէջ ցոյց տուած է իր ներուժը, արագ, վճռական եւ արդիւնաւէտ գործելու կարողութիւնը, ըսած է ՌԴ ղեկավարը։
Ինչպէս նշած է նախագահը, Ռուսաստանը կը հասկնայ, որ Ղազախստանին սպառնացող վտանգը յառաջացած է ոչ թէ ինքնաբուխ բողոքի գործողութիւններու, այլ արտաքին եւ ներքին ապակառուցողական ուժերու պատճառով։ «Մենք կը հասկնանք, որ Ղազախստանի պետականութեան սպառնացող վտանգը ծագած է ոչ թէ վառելիքի գիներու դէմ ինքնաբուխ բողոքի ցոյցերու պատճառով, այլ՝ իրավիճակէն ներքին եւ արտաքին ապակառուցողական ուժերու օգտուելու», ըսած է Փութին:
Ան յայտնած է, որ կարելի չէ թոյլ տալ գունաւոր յեղափոխութիւններու սենարի իրագործումը: «Մենք թոյլ չենք տար զարգացնել իրավիճակը մեր տան մէջ, գունաւոր յեղափոխութիւններու սենարներ իրականացնել: Սա արտաքին միջամտութեան ո՛չ առաջին, ո՛չ վերջին փորձն է», ընդգծած է Փութին: