Չաւուշօղլուն՝ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան մասին

2021-04-21
Image

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն լայնածաւալ հարցազրոյց տուած է թրքական «Habertürk» լրատուականին՝ անդրադառնալով ԱՄՆ նախագհ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը։

Այս թեմայի առնչութեամբ Չաւուշօղլուն հետեւեալ շեշտադրումները ըրած է. «Ապրիլ 24-ի հարցով ԱՄՆ-ն ինքն ալ պէտք է յարգէ միջազգային իրաւունքը/օրէնքները: Ցեղասպանութեան սահմանումը տրուած է ՄԱԿ-ի որոշումներուն մէջ եւ պարզ կերպով նկարագրուած է: ՄԻԵԴ-ն ալ այս հարցի վերաբերեալ որոշումներ ունի: Կան նաեւ տարբեր երկիրներու ՍԴ-ներու որոշումները»:

Անոր պնդմամբ՝ եթէ ԱՄՆ-ն յարգէ միջազգային օրէնքը, ապա իրենք պէտք չէ ամէն օր քնանան-արթննան այս մասին մտածելով:

«Մենք պէտք է ձերբազատուինք մեր որոշ վախերէն ու բարդոյթներէն: Ի՜նչ է՝ ամէն գիշեր պէտք է մեռնինք, կամ վախէն դողդողանք (այդ մտածմունքէն): Սա չեմ ըսեր այն իմաստով, թէ «Ամերիկա, եղբա՛յր, ինչ կ'ըսես, ըսէ»: Սակայն մենք, որպէս պետութիւն մը, որ գիտէ իր պատմութիւնը, պէտք է մեր վրայ վստահ ըլլանք: Եթէ ԱՄՆ-ն կ'ուզէ վատթարացնել մեր յարաբերութիւնները, ընտրութիւնն իրենցն է»,-ըսած է Թուրքիոյ ԱԳ ղեկավարը: