Պաքուն դեռ պատասխան չէ ստացած Հայաստանէն խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու վերաբերեալ. Պայրամով

2021-07-26
Image

Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովը յայտարարած է, որ Պաքուն դեռ պատասխան չէ ստացած Հայաստանէն խաղաղ պայմանագիր կնքելու եւ պետական սահմանի սահմանազատման գործընթաց սկսելու առաջարկի վերաբերեալ:

Ինչպէս կը հաղորդէ Minval.az-ը, նման յայտարարութեամբ Պայրամովը հանդէս եկած է Սերպիոյ ԱԳ նախարարի հետ համատեղ ճեպազրոյցի ժամանակ:

«Ատրպէյճանը հանդէս եկած է շարք մը առաջարկներով: Այն կ'առնչուի նաեւ Հայաստանի հետ բաց սահմանի հարցի լուծման` սահմանազատման հարցով քննարկումներ սկսելու միջոցով: Բացի այդ, կ'առնչուի նաեւ առաջարկին, որու մասին բազմիցս խօսած է Ատրպէյճանի նախագահը, այն է՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Պաքուի պատրաստկամութիւնը: Ցաւօք, մենք դեռ արձագանգ չենք ստացած Հայաստանէն այդ առաջարկներու վերաբերեալ»,-ըսած է ատրպէյճանցի նախարարը: