Պլինքըն կը կարծէ, որ Ռուսաստանի նպատակը Խորհրդային Միութեան կարգերը վերականգնելն է

2022-01-10
Image

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն կը կարծէ, որ Ռուսաստանի նպատակը Խորհրդային Միութեան կարգերը վերականգնելն է, ինչ որ Ուաշինկթընի համար անընդունելի է։

Ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը պարզաբանած է, որ այդ կը նշանակէ Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիի վերականգնում 3ետխորհրդային երկիրներուն վրայ։ Պլինքըն յաւելած է, որ Ուաշինկթըն անընդունելի կը համարէ նման «ձգտումը»։

Սա առաջին դէպքը չէ, երբ ԱՄՆ-ի մէջ ենթադրութիւններ կ'ընեն Խորհրդային Միութիւնը վերականգնելու Ռուսաստանի ղեկավարութեան ենթադրեալ մտադրութեան մասին։ Այսպիսով՝ 2021 թուականի Դեկտեմբերին ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտը ըսած էր, որ Վլատիմիր Փութինը «կը ձգտի վերստեղծել Խորհրդային Միութիւնը»։

Իր կարգին, Փութին ընդգծած էր, որ ԽՍՀՄ-ի վերականգնումը անիմաստ է եւ աննպատակայարմար շարք մը պատճառներով։