Ռուսական ուժեր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Սուրիոյ մէջ իրենց ձեռք ձգած փորձը պիտի ցուցադրեն

Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ձեռք բերուած մարտական փորձը պիտի ներդրուի ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններու հիմքին ՀԱՊԿ հաւաքական ուժերու նիւթա-արհեստագիտական ապահովման միջոցներով եւ ուժերով իրականացուելիք «Էշելոն-2021» յատուկ զօրավարժութիւններու ժամանակ: Այս մասին յայտնած է Կեդրոնական ռազմական շրջանի փոխհրամանատար, զօրավար Ալեքսէյ Լեմյաքինը:
Լեմյաքինի խօսքով՝ ստորաբաժանումները ուսումնամարտական առաջադրանքներ կը կատարեն հաւաքուող ենթակառուցուածքներւ, մարտի դաշտէն վնասուած զրահամեքենաներու տարհանման, նիւթական միջոցներու, զինամթեքրի մատակարարման եւ արհեստագիտական ապահովման այլ գործառոյթներու շուրջ:
Գործողութիւններուն պիտի ներգրաւուին աւելի քան 500 զինուորական Պելառուսիայէն, Ղազախստանէն, Ռուսաստանէն եւ Տաճիկիստանէն:
Հոկտեմբերին Տաճիկիստանի տարածքին՝ Աֆղանիստանի հետ սահմանին մօտակայքը, համատեղ զօրավարժութիւններ պիտի կատարուին ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու զօրակազմերու մասնակցութեամբ: «Փոխգործակցութիւն», «Որոնում» եւ «Էշելոն» ուսումնավարժանքներուն պիտի մասնակցին աւելի քան 2700 զինուոր: «Էշելոն» խորագրով զօրավարժութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18-23 Հոկտեմբերին: