Ռուսաստանն ԱՄՆ-ն մեղադրած է ցոյցերու կազմակերպման մէջ

2021-02-01
Image

ՌԴ Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտարարած են, որ ԱՄՆ-ը կը խրախուսէ չարտօնուած հանրահաւաքները իր տարածքին՝ Ռուսաստանը զսպելու ամերիկեան ռազմավարութեան շրջածիրէն ներս։ Այս մասին ըսուած է գերատեսչութեան դիմատետրեան էջին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Մոսկուան կոչ ըրած է Ուաշինկթընին դադրեցնելու միջամտութիւնն օտարերկրեայ պետութիւններու ներքին գործերուն։

«Ռուսաստանի ներքին գործերուն ԱՄՆ-ի կոպիտ միջամտութիւնն այնքան հաստատուած ճշմարտութիւն է, որքան իրենց ֆէյք նորութիւնները»,-նշած են Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի կողմէ չարտօնուած գործողութիւններուն աջակցիլի աւելի կը հաստատէ Ուաշինկթընի անդրքուլիսային դերը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Պետական բաժանմումքի ղեկավար Պլինքընը դատապարտած էր յաջակցութիւն Նաւալնիի հանդէս եկող խաղաղ ցուցարարներու ու լրագրողներու նկատմամբ ռուսական իշխանութիւններու որդեգրած կոշտ մարտավարութիւնը։