Սէուտական Արաբիոյ մէջ կը փակուին թրքական դպրոցները

2021-05-03
Image

Թուրքիոյ պետական Anadolu գործակալութիւնը յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիան ընթացիկ ուսումնական տարուան պիտի փակէ թրքական 8 դպրոց: Այս որոշման մասին Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան տեղեկացուցած են Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները:

Գործակալութեան փոխանցմամբ՝ 8 դպրոցի մէջ կը սորվի 2․256 աշակերտ: Նախորդ ամիս թագաւորութեան մէջ փակուած է թրքական 26 դպրոց:

Այս հանգամանքը խորացուցած է երկու երկիրներու միջեւ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները։ Աւելի վաղ թագաւորութեան մէջ պոյքոթած էին թրքական ապրանքները: