Սուրիացի վարձկանները կրկին կը բողոքեն, որ Արցախի դէմ կռուելու համար չեն վարձատրուած

44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ կռուած սուրիացի վարձկանները կը դժգոհին, որ իրենց «աշխատավարձ» չեն տուած։
Լրագրող Լինտսի Սնելը Թուիթըրով հրապարակած է տեսանիւթ, որուն մէջ վարձկաններէն մէկը կը դժգոհէր, որ «Սուլէյման շահ» ահաբեկչական միաւորման ղեկավար Ապու Ամշան խաբած է զիրենք։ «Մենք Ղարաբաղի մէջ կռուած ենք թրքական պետութեան հետ միասին։ Մենք մարդիկ կորսնցուցած ենք, վիրաւորներ ունինք։ Մեզի չեն վճարած։ Մենք սովէն կը մեռնինք», նշած է ան։