Վրաստանը նոր վարչապետ ունի. երկրի խորհրդարանը հաստատած է կառավարութեան նոր կազմը

Վրաստանի խորհրդարանը վստահութիւն յայտնած է Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի գլխաւորած կառավարութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ pia.ge կայքը:
Նոր կառավարութեան կազմին կողմ քուէարկած է 89 պատգամաւոր, դէմ` 2:
Յիշեցնենք, որ 18 փետրուարին հրաժարական ներկայացուցած էր Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Կախարիան: Վարչապետի հրաժարականէն ետք իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը այդ պաշտօնին առաջադրած էր երկրի պաշտպանութեան նախարար, նախկին վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին: