Փոմփէոն մատնանշած է Թուրքիոյ սադրանքները Արեւելեան Միջերկրական ծովուն, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ

2020-12-02
Image

Թուրքիան դէմ հանդէս կու գայ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի սկզբունքներուն եւ գործունէութեան՝ այդպիսով պառակտելով դաշինքի միասնութիւնը: Այս մասին ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն, կը հաղորդէ Athens News Agency-ն՝ վկայակոչելով յունական դիւանագիտական աղբիւրները:

«ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն ՆԱԹՕ-ի համար անսովոր ելոյթին մէջ նշած է, որ Թուրքիան դէմ հանդէս կու գայ ՆԱԹՕ-ի սկզբունքներուն եւ գործունէութեան՝ այդպիսով պառակտելով դաշինքի միասնութիւնը: Մասնաւորապէս, Փոմփէոն մատնանշած է Թուրքիոյ սադրանքները Արեւելեան Միջերկրական ծովուն, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Անդրադառնալով Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն՝ Փոմփէոն նշած է, որ լարուածութեան վերացման մեքանիզմը, որ այսօր չաշխատիր Թուրքիոյ մեղքով, պէտք է վերագործարկուի: