Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյցը տեւած է աւելի քան 2 ժամ

2022-05-04
Image

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Պուտինի հետ: BFM հեռուստաալիքի տուեալներով` զրոյցը տեւած է աւելի քան երկու ժամ:

Սա իրենց առաջին խօսակցութիւնն էր Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին Մաքրոնի վերընտրուելէն յետոյ:

Քրեմլի մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` Փութինը իր ֆրանսացի գործընկերոջը ըսած է, որ Ռուսաստանը, «չնայած Քիեւի անհետեւողականութեան եւ լուրջ աշխատանքին անպատրաստութեան», տակաւին բաց է երկխօսութեան համար:

Ռուսաստանի ղեկավարը մատնանշած է նաեւ ԵՄ երկիրներու կողմէ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ուժերու ռազմական յանցագործութիւններու անտեսման փաստերը:

«Ուշադրութիւն հրաւիրուած է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու կողմէ ուքրանական անվտանգութեան ուժերու ռազմական յանցագործութիւններու անտեսման, Տոնպասի քաղաքներու զանգուածային գնդակոծման, որու հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ կը զոհուին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: