Ֆրանսայի մէջ անյայտ անձը ապտակած է Էմանուէլ Մաքրոնին

2021-06-09
Image

Անյայտ անձը  հարուածած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի դէմքին։ Միջադէպը տեղի ունեցած է պետութեան ղեկավարի Տրոմի բաժանմունք կատարած այցի ժամանակ:

Ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած տեսանիւթին մէջ կ'երեւայ, որ Ֆրանսայի ղեկավարը կը մօտենայ իրեն սպասող մարդոց, կը բռնէ տղամարդոցմէ մէկու ձեռքը, սակայն վերջինս միւս ձեռքով կ'ապտակէ նախագահին:

Անկէ ետք անվտանգութեան աշխատակիցները միջամտած են։ Ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է երկու մարդ:

Ֆրանսացի քաղաքական գործիչները դատապարտած են կատարուածը եւ այն բնորոշած են ֆիզիքական յարձակում պետութեան ղեկավարի դէմ: