«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի 2021-ի փառատօնը՝ Հոկտեմբերին

2021-06-30
Image

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը 2021-ին տեղի պիտի ունենայ 3-10 Հոկտեմբերին:

Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած է փառատօնի մամուլի գրասենեակի ղեկավար Ռոզա Գրիգորեանը:

«Ոսկեէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն է: Հիմնուած է 2004 թուականին` «Ոսկէ ծիրան» շարժանակրի զարգացման հիմնադրամի, շարժանկարագէտներու եւ գրողներու հայկական միութեան կողմէ։ «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիրներն են բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեանը, շարժանկարի քննադատներ Միքայէլ Ստամբոլցեանը եւ Սուսաննա Յարութիւնեանը։