Ազնաւուրի մասին ֆիլմ պիտի նկարահանուի. յայտնի է` ով պիտի մարմնաւորէ աշխարհահռչակ երգիչի կերպարը
Ֆրանսացի դերասան Թահար Ռահիմը պիտի միանայ Շարլ Ազնաւուրին «Պարոն Ազնաւուր» կենսագրական ֆիլմին։ Այս մասին յայտնած է «Ազնաւուր» հիմնադրամի դիմատետրեան էջը:
Թահար Ռահիմը հանրութեանը ճանաչելի դարձած է 2009 թուականին, երբ անոր մասնակցութեամբ «Մարգարէն» ֆիլմը Կաննի շարժանկարի փառատօնին արժանացաւ գլխաւոր մրցանակին եւ առաջադրուեցաւ «Օսքար»-ի: Լարուած տրաման նաեւ արժանացած է ինը «Սեզար» մրցանակի, իսկ Թահար Ռահիմը պարգեւատրուած է որպէս լաւագոյն դերասան: Այս դերի համար դերասանը առաջադրուած է «Golden globe»-ի եւ հեռուստատեսային եւ կինոարուեստի բրիտանական ակադեմիայի BAFTA մրցանակներու։
Հետաքրքրական է, որ դերասանը Ֆաթիհ Աքինի նկարահանած «Կտրուածք» պատմական ֆիլմին մէջ մարմնաւորած է 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Նազարէթ Մանուկեանի կերպարը։
Ներկայիս ան կը նկարահանուի Ռիտքլի Սքոթի «Նափոլէոն» ֆիլմին մէջ:
Նշենք, որ 2024 թուականին աշխարհը պիտի տեսնէ ֆրանսահայ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի մասին պատմող առաջին գեղարուեստական ֆիլմը՝ «Պարոն Ազնաւուրը»։ Ֆիլմը կ'արտադրուի Ֆրանսայի մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ազնաւուր կեանքէն հեռացաւ 2018-ին: