Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւն Ամսթրտամի մէջ

2021-07-16
Image

14 Յուլիսին Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Դաւիթ Միրզախանեանը Ամսթրտամի Eye Film Museum-ի մէջ ներկայ եղած է Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած՝ Aznavour, Le Regard de Charles վաւերագրական ֆիլմի նախադիտման, որ կազմակերպուած էր Ամսթրտամի Alliance Francaise կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ դեսպանութեան աջակցութեամբ։

Այս մասին կը տեղեկանանք Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն։

Շանսոնիէի կեանքի մասին պատմող ֆիլմը նկարահանուած է վերջինիս անձնական արխիւին մէջ պահուող՝ իր իսկ կողմէ տարբեր տարիներուն կատարուած տեսաձայնագրութիւններու հիման վրայ։