Նորօրեայ հերոսներու շարքերը կը համալրուին․ ՊԲ

2020-10-16
Image

Նոր սերունդի հայ զինուորականութեան փայլուն ներկայացուցիչներէն է հրամանատար Գէորգ Բալայեանը: Ոչնչացուցած է թշնամական զինուժին պատկանող 6 հրասայլ, 7 հետեւակի մարտական մեքենայ, 3 անուաւոր սարք:

Ներկայացուած է «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանի: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի ՊԲ-էն։

Շարքային Յարութիւն Վարդանեանն ալ պիտի պարգեւատրուի «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով՝ ճակատային գիծի հարաւարեւելեան հատուածին թշնամական 3 հրասայլ, նոյնքանն ալ հետեւակի մարտական մեքենայ ու կենդանի ուժ ոչնչացնելու համար:

Մարտական գործողութիւններու ընթացքին հսկայական նշանակութիւն ունին ապահովման բոլոր տեսակները: Ճակատային գիծի տարբեր հատուածներուն մէջ ծաւալած թէժ մարտերու ժամանակ, ճարտարապետական գերազանց ապահովում իրականացնելու համար, որու շնորհիւ իւրային ուժերը կարողացած են հասնիլ էական ձեռքբերումներու, «Արիութեան համար» մետալով պիտի պարգեւատրուի փոխգնդապետ Արմէն Իսրայէլեանը: