ՊԲ-ն կը շարունակէ բոլոր ուղղութիւններով ձախողցնել թշնամիին գրոհները. Արցախի նախագահ (Տեսանիւթ)

2020-09-30
Image

Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը՝ բոլոր ուղղութիւններով ձախողցնելով թշնամիին գրոհները: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:

«Պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեանի վստահ հրամանատարութեամբ մեր տղաները արդիւնաւէտ կերպով կ՝իրականացնեն Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ առաքելութիւնը»,- գրած է ան: