Ոչ եւս է Երուանդ Ազատեան

2023-03-27
Image

Ցաւով տեղեկացանք, որ Մարտ 25-ին, Ֆլորիտայի մէջ մահացած է Երուանդ Ազատեան՝ յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Հանգուցեալը ատենապետն էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան, որ միաժամանակ էր նաեւ կուսակցական մամուլի մէջ երկարամեայ խմբագրական վաստակ ունեցող ծանօթ հրապարակագիր:

Իր մահուան տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընտանեկան բոլոր պարագաներուն:

 

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն