Մարգար Եսայեան կը մեղադրէ. Փայլան  կտրուկ  պատասխան մը կու տայ

2019-08-24
Image

 «Էրմէնի Հապէր»,-Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր,  իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP) ներակայացուցիչ Մարգար Եսայեանը իշխանամէտ «Akşam»   պարբերականին  մէջ  Հայազգի     պատգամաւոր Կարօ  Փայլանին  դէմ մեղադրանքներով լեցուն յօդուած  հրապարակած է:  Ան  մասնաւորապէս   անդրադառնալով քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) պատգամաւոր  Կարօ Փայլանի եւ նոյն կուսակցութեան պատգամաւոր Էպրու Կիւնալի՝ Լատինական Ամերիկա կատարած այցին, գրած է.

«Երկու HDP -ական պատգամաւոր շրջագայութեան ելած են Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Միջազգային ուժերէն խնդրած են միջամտել Թուրքիոյ գործերուն։

Երկիր առ երկիր, խորհրդարան առ խորհրդարան շրջելու եւ միջազգային ուժերէն Թուրքիոյ գործերուն միջամտել խնդրելու անոնց այս վարքագիծը ինձ ժամանակի մեքենայով տեղափոխեց նախորդ դարասկիզբ։ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը» (PKK) եւ HDP -ն Դաշնակցականներէն ու Հնչակեաններէն աւելին են, բայց պակաս չեն», -  գրած է  Եսայեանը։

 

 Իր կարգին Կարօ Փայլանը Twitter-ի իր էջին բաւական  խիստ գրառմամբ անդրադարձած է վերոյիշեալ յօդուածին:

 

«Լատինական Ամերիկայի մէջ մեր բոլոր հանդիպումներու ժամանակ մենք միայն կոչ ըրած ենք աջակցելու Թուրքիոյ ժողովրդավարական ուժերուն։ Սա ակնյայտ զրպարտութիւն է։ Եթէ ըսուածները չապացուցես, ուրեմն զրպարտիչ ես, Մարգար։

1915 թուականի Ապրիլ 24-ին ձերբակալման ենթակայ հայերու ցուցակները կազմելու ժամանակ Թալէաթ փաշային աջակցող հայեր ալ կային։ Ցաւօք այսօր եւս կան»: