Փայլանի հերքումը չէ տպագրուած.Հայազգի երեսփոխանը մտադիր է դատ բանալ Մարգար Եսայեանին դէմ
«Ռամկավար Մամուլ»- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլանը մտադիր է դատ բանալբ Մարգար Եսայեանին դէմ։
Այս մասին «Ռամկավար մամուլ» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլիսէն։ Մեր աղբիւրին համաձայն Փայլան Մարգար Եսայեանի ստորագրութիւն կրող եւ «Աքշամ» իշխանական թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածին ի պատասխան գրած է հերքում-բողոքի նամակ մը, որ մինչեւ այս պահը լոյս չէ տեսած նշեալ թերթին մէջ։
Այս խնդրով «Ռամկավար Մամուլ» հարցում կատարեց Փայլանի մօտիկ համարուող աղբիւրի մը պարզելու համար այսօրուան վիճակը եւ վերջինս պատասխանելով մեր հարցին նշեց, որ «ամէն ինչ հնարաւոր է, թերթը տակաւին չէ տպած Փայլանի հերքումը, բան մը, որուն իբր հետեւանք Կարօ Փայլլան կրնայ դատի տալ Մարգար Եսայեանը»։
Յիշեցնենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Եսայեան նման վարք կը դրսեւորէ, ան տարբեր առիթներով հանդէս եկած է ուղղակի հակահայ դիրքերէ, իսկ «Աքշամ»ի իր վերջին սիւնակով, ոչ միայն յերիւրանքներ նիւթած է Փայլանի դէմ, այլ Թուրքիոյ ազգայնական շրջանակներուն անուղղակի խօսք մը ուղղելով Կարօն որակած է, որպէս Թուրքիոյ պետութեան դէմ գործող անձնաւորութիւն։
Ան նաեւ ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է հայկական աւանդական կուսակցութիւններու հասցէին, անոնց գործունէութիւնը համարելով ահաբեկչական եւ հետեւաբար յար եւ նման Թուրքիոյ մէջ արգիլուած եւ ահաբեկչական համարուող քրտական PKK կուսակցութեան։