«Աշխարհի լաւագոյն ծիրանները». Հայկական ծիրանը առաջին անգամ ըլլալով մեծ քանակութեամբ արտածուած է Ֆրանսա

2021-07-14
Image

Հայկական ծիրանը առաջին անգամ ըլլալով մեծ քանակութեամբ արտածուած է Ֆրանսա։ Ֆրանսայի մէջ գործող «Complex International» ընկերութեան հիմնադիր Արեգ Պաղտասարեան ըսած է, որ անցեալին ալ Հայաստանէն ծիրան կը բերուէր, բայց օդանաւով, այսինքն` հարիւր կամ քանի մը հարիւր քկ. միայն։

Պաղտասարեանի ընկերութիւնը Հայաստանէն ներածած է մէկ բեռնակառք` շուրջ 20 թոն ապրանք։ Յառաջիկայ տարիներուն ան կը փափաքի ծիրանի եղանակին Հայաստանէն բերել տասնեակներով բեռնակառքեր։

Ծիրանը արագ կը փճանայ, եւ մինչեւ Ֆրանսա ճամբան կը տեւէ շուրջ 10 օր։ Բայց Արեգը եւ իր գործընկերները կիրարկած են բոլորին ծանօթ հնարք, որ ծիրանի կեանքը կ՚երկարէ մինչեւ 20-25 օր։ Արտածման համար անոնք առած են այնպիսի ծիրան, որ դեռ գրեթէ խակ է, բայց կը սկսի դեղնիլ։ Այդպէսով ծիրանը պիտանի կը մնայ 10 օր քաղելու եւ փոխադրելու եւ 10-12 օր ալ վաճառքի ընթացքին։

Արդէն աւելի ալ սպասելու կարիք չէ եղած, ապրանքին ամբողջութիւնը քանի մը օրուան ընթացքին սպառած ըլլալով. մեծ մասը` Փարիզի հայաշատ արուարձաններու (Իսի-լէ-Մուլինօ, Գլամար, Ալֆորվիլ) հայկական խանութներու մէջ, փոքր մէկ մասն ալ` գիւղատնտեսական շուկաներու մէջ։ Եւ այդ շուկաներուն մէջ է, որ Արեգ կը նախատեսէ աւելցնել վաճառքները։ 

«Կը նախատեսենք աշխատիլ « Leclerc »-ի կամ « Carrefour »-ի նման առեւտրային մեծ ցանցերու հետ։ Սակայն անոնց պահանջած ծաւալները ապահովելը ներկայիս իրատեսական չէ։ Այս պահուն հայկական խանութներն ու գիւղատնտեսական շուկաները մեծ վաճառքի խողովակ են մեզի համար»,– ընդգծած է Արեգ Պաղտասարեան։

Աւելցնենք որ՝ ներածուած ապրանքին վաճառքը յաջողութեամբ կազմակերպուած է ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ յունական եւ ռուսական խանութներու մէջ։

Բերուած պտուղին մէկ մասն ալ նուիրուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, որ բաշխուած է հաւատացեալներուն, եւ հանգանակուած գումարն ալ կը յատկացուի Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս- Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան։ 

Նաեւ կը նշուի, որ հայկական ծիրանը այս անգամ վաճառուեցաւ համեմատաբար բարձր գինով, բայց հետագային երբ ծաւալները մեծնան, կարելի կ՚ըլլայ վաճառել 5-էն 7 եւրոյի միջեւ։ Սպանականէն կամ ֆրանսական որոշ տեսակներէ քիչ մը աւելի սուղ կ՚ըլլայ, բայց պէտք չէ մոռնալ նաեւ համի որակը։

Տեղին է  նշել, որ Ֆրանսա ներածուած հայկական ծիրանի արկղերուն վրայ արձանագրուած է «Աշխարհի լաւագոյն ծիրանները» եւ անոր կողքին ալ նշուած՝ ծիրանի լատինական պատմական անուանումը` « Prunus armeniaca » («հայկական սալոր»)։

Լուրը՝  Sputnik Armenia-էն։