«Մահացած է Պանկլատեշ բնակող վերջին հայը» «ԱՖՓ» Գործակալութիւն

2020-05-12
Image

«Ֆրանս Փրես» գործակալութիւնը կը հաղորդէ հարաւասիական Պանկլատեշ պետութիւն բնակող վերջին հայու` 89-ամեայ Մայքլ ժոզեֆ Մարտինի (Միքայէլ Յովսէփ Մարտիրոսեան) մահուան մասին:

Գործակալութեան հաղորդումով՝ Մարտիրոսեանը իր կեանքի ողջ ընթացքին հոգ կը տանէր Պանկլատեշի մայրաքաղաք՝ Տաքայի հայկական եկեղեցւոյ եւ անոր յարող հայկական գերեզմանատան պահպանութեան մասին:

Հայերը ներկայիս, Պանկլատեշի տարածքը առաջին անգամ բնակութիւն հաստատած են դեռ 16-րդ դարուն: Բրիտանական տիրապետութեան շրջանին, տեղի հայ համայնքը մեծ ազդեցութիւն ձեռք բերած է յատկապէս առեւտուրի ոլորտին մէջ: Եւ այս շրջանին ալ` 1781 թուականին, Տաքայի մէջ կառուցուած է Սուրբ Յարութեան հայկական տաճարը:

«Միքայէլ Յովսէփ Մարտիրոսեանի մահով հայերու աւելի քան 300-ամեայ ներկայութիւնը կը մօտենայ է իր աւարտին», - կ'արձանագրէ «Ֆրանս Փրեսը»: