«Ցեղասպանութեան հարցով, երբեք պիտի չյանձնուիմ» Քիմ Քարտաշեան
Աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան Սպիտակ տան մէջ` ԱՄՆ նախագահի վարչակազմին հետ կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Քարտաշեան նշած է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը իր նպատակն է եւ երբեք պիտի չյանձնուի: Ան, Երեւանի մէջ հայաստանեան քանի մը լրատուամիջոցներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին պատասխանելով «Արմէնբրես»-ի` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ անոր ջանքերու եւ Տանալտ Թրամփի հետ խնդրի քննարկման մասին հարցումին, նշած է. «Ես քննարկումներ կ՛ունենամ այդ հարցով Սպիտակ տան մէջ: Այդ հարցով առանձին երկխօսութիւն նախագահիմ հետ չեմ ունեցած, բայց կը քննարկեմ խորհրդականներու հետ, եւ ատիկա իմ նպատակն է: Ես պիտի չյանձնուիմ»: