Արուեստագէտ՝ Ընկ. Վիգէն Լեփեճեանի նուէրը՝ Նուրհան Պատրիարքին

2021-07-27
Image

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Երուսաղէմի Հայոց Միաբանութիւնը, 25 Յուլիս 2021-ին, նշած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռ՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի եկեղեցական ծառայութեան 50-րդ տարեդարձը։

Տ. Նուրհան Պատրիարքի քահանայական ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ, եւ յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Միաբանութեան անդամ հայրերը, ինչպէս նաեւ Սաղիմահայ համայնքի  անձնաւորութիւններ միասնաբար մուտք գործած են Պատրիարքական գլխաւոր դահլիճ, ուր հնչած են յաւուր պատշաճի խօսքեր։

Այս առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան Ընկ. Վիգէն  Լեփեճեան Պատրիարք հօր անակնկալ նուէր մը պատրաստած էր, յախճապակեայ ափսէ մը, ուր պատկերուած է Պատրիարքի 50 տարիներու ընթացքին ունեցած ներդրումի եւ աւանդի պատմութեան ժամանակացոյցը:

Այս իւրայատուկ նուէրը արժանացած էր Պատրիարք հօր եւ սաղիմահայութեան հիացմունքին եւ բարձր գնահատանքին:

Նշենք, որ արուեստագէտ Ընկ. Վիգէն Լեփեճեան կը համարուի Երուսաղէմի մէջ հայկական յախճապակիի արուեստի շարունակականութեան եւ բարձր որակի պահպանութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցող հայորդիներէն: