Երուսաղէմի մէջ. Մոմավառութիւն ի յիշատակ Ատրպէյճանի գրոհին հետեւանքով նահատակուածներուն

2022-09-26
Image

Երուսաղէմի Հայոց Վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած է մոմավառութիւն ի յիշատակ օրեր առաջ Ատրպէյճանի գրոհին հետեւանքով զոհուած հերոսներուն։

Կը նշուի, որ որ Խաչվերացի (հին տոմարով) նախատօնակին առթիւ տեղի ունեցած հսկումի արարողութեան աւարտին սաղիմահայ երիտասարդներ միասնաբար մոմեր վառած են եւ խաչի նշանը պատկերած հրապարակին վրայ։ 

Հերոսական հոգիներուն ի յիշատակ եղած այս միջոցառման ներկայ եղած են նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Միաբաններ, ինչպէս նաեւ Ժառանագորաց վարժարանի ուսանողներ։

 Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի։